2014-11-10 09:33:06

Հալէպի վրայ օդանաւային ռմբակոծում` քաղաքը սովէն ու պաղէն կը մեռնի։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Սուրիոյ բանակը օդանաւային ռմբակոծում կատարած է Հալէպի Ալ Պապ շրջանը, որուն հետեւանքով 21 քաղաքացիներ սպաննուած են ու հարիւրաւորներ` վիրաւորուած։
Միջազգային ոյժերը նոյնպէս ռմբակոծած են քաղաքը, որ անցած է ահաբեկիչ մահմետականներու ձեռքը։ Անծանօթ աղբիւրներու գնահատումով վիրաւորուած է Խալիֆա Ապու Պաքր ալ Պաղտատին` պարագլուխը իսլամական պետութեան։
ԱՄՆ-ի նախագահը հրահանգած է արագումը 1.500 ամերիկացի զինուորական ջոկատի։
Հալէպի երբեմնի առաքելական փոխանորդը` հայր Նածարօ վերջերս Պոլոնիայի մէջ դասախօսութիւն մը տուած է` ''շտապ օգնութիւն Սուրիոյ ի խնդիր ծրագիր'' նիւթին մասին։
Ծրագիրին նպատակն է օգնութեան հասնիլ Հալէպի ընտանիքներուն ու վերաշինել վնասուած տուները։ Ան իր դասախօսութեան մէջ ընդգծեց որ Սուրիոյ ժողովուրդը պատերազմը ոչ ուզած է եւ ոչ ալ կը փնտռէ, ան ակամայ ենթակայ է անոր ու կը տառապի, որովհետեւ անկարող է բան մը ընել։
Հալէպի ժողովուրդը Սուրիոյ միւս քաղաքներու նման վիրաւորուած է ու հոգեվարքի մէջ է։
Յայտնենք որ Հայր Նածարօ 90ական տարիներուն եղած է Հալէպի առաքելական փոխանորդը ու Պահակը Ս. Երկրի։ Միջին Արեւելքը եղած է անոր երկրորդ տունը եւ քաջատեղեակ քրիստոնեայ-մահմետական խաղաղ համակեցութեան մասին։ Հայր Նածարոյի գնահատումով Արեւմուտքը քիչ բան կը կատարէ։ Հոն ունինք ֆրանչիսկեան միաբանութիւն մը որ կը տառապի։ Ժողովուրդ մը որ սովէն ու ծարաւէն կը մեռնի։ Քրիստոնեաները, 23 միլիոն բնակչութեան վրայ, կը ներկայացնէին` տասը տոկոսը, այսօր հազիւ կէսը մնացած է։ Չմոռնանք որ քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնը Սուրիա կազմուեցաւ։ Սուրիոյ մէջ ''Սաւուղ- Ս. Պօղոս'' դարձի եկաւ։ Եկեղեցին իր կարելին կ`ընէ օգնութեան հասնելու իր հաւատացեալներուն եւ մահմետականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.